Լիբանան` «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումը կը սպառանյ քանդել եկեղեցիները. Արտակարգ
նիստ` Պաալպեքի Մարոնի համայնքի առաջնորդարանին մէջ։
Պաալպեքի մարոնի համայնքի առաջնորդարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն
մասնակցեցան մարոնի համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսը, Պաալպեք-Հերմելի
միւֆթի շէյխ Այման Ռիֆահի, միւֆթի Խալիլ Շքէյր եւ շրջանի քաղաքապետն ու քաղաքապետական
խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ շրջանի առեւտրականները: Առաջնորդարանին մէջ գումարուած
արտակարգ այս ժողովին ընթացքին քննարկուեցան «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումին հրապարակած
յայտարարութիւնը, որ կը սպառնար եկեղեցիներուն: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ
Պաալպեքի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով,
որ քրիստոնեաները Արեւելքի մէջ արմատներ ունին: Հանդիպումին ընթացքին քրիստոնեաներուն
կոչ ուղղուեցաւ պատարագներ մատուցելու, ինչպէս նաեւ նախազգուշութիւններ որդեգրելու եւ
պետական ապահովական կառոյցներուն վստահելու եկեղեցիներուն պաշտպանութիւնը: Իր կարգին,
շէյխ Այման Ռիֆահի յայտնեց, որ այս Արեւելքին մէջ ոչ ոքի պաշտպանութեան կարիքը ունին`
շեշտելով, որ նման յայտարարութիւնները գաղտնի սպասարկութեան գործեր են, որոնք կը միտին
քրիստոնեայ եւ իսլամ քաղաքացիներուն միջեւ լարուածութիւն ու սադրանք պատճառել: Պաալպեքի
քաղաքապետ Համատ Հասան իր կարգին մերժեց եւ խստիւ դատապարտեց եկեղեցիներուն դէմ սպառնալիքը`
աւելցնելով, որ սիւննի համայնքը եւս Պաալպեքի ազգային հիւսուածքին մաս կը կազմէ: